2014-12-29 09:17:37

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի աղօթքը` Մալէզական օդանաւի եւ նաւակի մը արկածի զոհերուն համար։


(Ռ.Վ. 28 դեկտեմբեր 2014) Կիրակի, 28 դեկտեմբերին, յաւարտ կիրակնօրեայ Մարեմեան Հրեշտակ Տեառն աղօթքին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները, ուզեց յատուկօրէն յիշել Ինտոնէզիայէն դէպի Սինկափոր կատարած թռիչքի ընթացքին՝ ջախջախուած Մալէզական օդանաւի զոհերը ինչպէս նաեւ Ատրիաթիք ծովին մէջ՝ ճամփորդական նաւակի մր արկածի զոհերը։
՝՝Աղօթքով ու սրտով կը միանամ զոհերու ընտանեկան պարագաներուն ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք որոնք կը տառապին այս պահերուն ու անոնց որոնք փրկարար գործողութիւններ կը կատարեն՝՝ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Ան ապա՝ ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները անոնցմէ խնդրելով որ շարունակեն աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.